Պաքուն Բողոք Պիտի Ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներուն՝ Բակօ Սահակեանին Վիզա Տալուն Համար

By Asbarez | Friday, 30 November 2018

Bako_Sahakian

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 18 Նոյեմբերին յայտարարեց, որ դիւանագիտական խողովակներու միջոցով բողոք պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներուն՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին ամերիկեան վիզա տալուն համար:

«Անօրինական վարչակարգի ներկայացուցիչին մուտքը Միացեալ Նահանգներ եւ Ամերիկայի տարածքին անջատողական կառոյցներու խրախուսման թոյլտուութիւնը կը հակասեն այդ երկրի պարտաւորութիւններուն՝ իբրեւ Մինսկի խումբի համանախագահ, ինչպէս նաեւ անօրինական անջատական վարչակարգը չճանչնալու մասին Միացեալ Նահանգներու բազմիցս յայտնած պաշտօնական դիրքորոշման: Այդ քայլը նաեւ վնաս կը հասցնէ բանակցային ճանապարհով հակամարտութեան կարգաւորման», ըստ «Ազատութեան»՝ նշուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւնը նաեւ նշած է, որ «անջատական վարչակարգի խրախուսման ուղղուած այսպիսի քայլերը հարցեր կը յառաջացնեն, Ատրպէյճանի հանդէպ Ամերիկայի յարաբերութիւններու անկեղծութեան վերաբերեալ»:

Նշենք, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական բողոք յղած էր Ֆրանսայի կառավարութեան՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի Փարիզ այցելութեան առիթով: «ԹԱՍՍ» լրատուական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս բողոքին մասին լրագրողներու յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Լէյլա Ապտուլլաեւա: «Ֆրանսայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը բողոքագիր յղեց այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան», ըսած էր ան:

«Ատրպէյճան կը կարծէ, որ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ եւ Մինսկի խմբակի համանախագահող՝ Ֆրանսա պայմաններ կը ստեղծէ զաւթիչ վարչակարգի ներկայացուցիչի այցին համար: Մենք կը  կարծենք, որ Ֆրանսայի այդ քայլը  կասկածի տակ կը դնէ իր անկողմնակալութիւնը եւ անաչառութիւնը», ըսած էր Լէյլա Ապտուլլաեւա:

Յիշեցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 14 Նոյեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ հասած էր Փարիզ, ուր հանդիպումներ ունեցած էր Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի խումբ մը անդամներու, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Արցախի նախագահը 15 Նոյեմբերին այցելած էր Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի կեդրոնը, ուր հանդիպած էր հիմնադրամի տեղական կառոյցի պատասխանատուներու հետ՝ Պետրոս Թերզեանի գլխաւորութեամբ:

comments

Advertisement