10 Տարուան Ընթացքին Պելոռուս Կէս Միլիառ Տոլարի Ռազմական Սարքեր Վաճառած Է Ատրպէյճանին

By Asbarez | Friday, 30 November 2018


1128belarusarms

ՄԻՆՍԿ.- Պելոռուսեան «42.tut.by» թերթը հրապարակած է յօդուած մը Պելոռուսի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական համագործակցութեան մասին:

Նշեալ թերթին տուեալներով՝ 10ամեայ համագործակցութեան ընթացքին Մինսկ Պաքուին  վաճառած է 500 միլիոն տոլարի զէնք, ռազմական արհեստագիտութիւն եւ սարքաւորումներ:

Ատրպէյճանին մատակարարուած ռազմական սարքերու շարքին կը նշուի առաւել քան 150 հրասայլ, 12 «Փիոն» ինքնագնաց հրետանային սարքաւորում, 120 Տ-30 «հաուպից», Սու-25 մակնիշի 12 ինքնաթիռ, զենիթահրթիռային համակարգերու 2 գումարտակ, 10 «Պոլոնեզ» հրթիռային համակարգ եւ այլն:

Ըստ աղբիւրին՝ ասիկա տակաւին զէնքերու ամբողջ քանակը չէ, որ Պելոռուսը մատակարարած է Ատրպէյճանին: Ատրպէյճանին նաեւ փոխանցուած է անյայտ քանակութեամբ «Սկիֆ» հակահրասայլային համալիրներ:

Նոյն աղբիւրի համաձայն՝ Պելոռուսի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պայմանագիրներու ծաւալները, գործարքներու արժէքներն ու մատակարարուող զէնքերու տեսակները յաճախ գաղտնի կը պահուին:

1128belarusarms3

 

1128belarusarms2

comments

Advertisement