Ռուսիա Կը Փափաքի Նպաստել Երեւան-Պաքու Երկխօսութեան. Լաւրով

By Asbarez | Saturday, 15 December 2018

1214lavrov

ՊԱՔՈՒ, «Ազատութիւն».- Ռուսիա կը փափաքի շարունակել նպաստել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան, 13 Դեկտեմբերին, Պաքուի մէջ յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպման ընթացքին:

Լաւրով Պաքու կը գտնուի մասնակցելու Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստին:

Նշենք, որ Հայաստան եւս կը մասնակցի նշեալ նիստին: Այս մասին «Սփութնիք Արմէնիա»ին  յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Նաղդալեան՝ աւելցնելով, որ Երեւանը պիտի ներկայացնէ արտաքին գործոց նախարարութեան Բազմակողմ եւ երկկողմ տնտեսական համագործակցութեան վարչութեան պետ Աշոտ Քոչարեան:

comments

Advertisement