Փայլանի Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութիւնը Խլելու Դիմում

By Asbarez | Sunday, 30 December 2018

1227paylan

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահականէն դիմում ներկայացուած է երկրի խորհրդարանին՝ 8 պատգամաւորներու անձեռնմխելիութիւնը խլելու նպատակով:

Խորհրդարանի Սահմանադրական եւ Արդարադատութեան խառն յանձնաժողովին ներկայացուած յիշեալ դիմումին մէջ կայ նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Տիգրանակերտէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի անունը:

Ցանկին վրայ կան Փայլանի հինգ կուսակիցներ, ինչպէս նաեւ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն երեսփոխան մը եւ զարմանալիօրէն՝ իշխող կուսակցութեան պատգամաւոր Ռըզա Փոսաճը:

comments

Advertisement