By Asbarez | Sunday, 30 December 2018
Պաշտօնական Պաքուն 2019ին Երեւանէն կ՛ակնկալէ «Ատրպէյճանի գրաւուած տարածքներէն զօրքերու դուրս բերելը»ը: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»ը՝ վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցի մը մէջ տեղ գտած Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի յայտարարութիւնը:
Վերջինս ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով յառաջընթացը առաջին հերթին կարելիութիւններ պիտի բանայ Հայաստանի տնտեսական աճին:
Մամետեարով ափսոսանքով նշած է, որ երկար տարիներ շարունակուող բանակցութիւնները արդիւնք չեն տուած: «Սակայն Հայաստանիի մէջ կատարուած վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ Տուշանպէի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած զրոյցները, նաեւ հանդիպումներս իմ հայ գործընկերոջ հետ՝ որոշ լաւատեսութեան հիմք կու տան՝ բանակցային գործընթացի յառաջխաղացման տեսանկիւնէն», նշած է ան:
Մամետեարով խօսած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարաի պաշտօնակատարին վերջին հանդիպման իբրեւ արդիւնք ընդունուած համատեղ յայտարարութեան մասին՝ նշելով, որ այնտեղ կը խօսուի բանակցութիւնները շարունակելու մասին: «Այս կը նշանակէ, որ բանակցութիւններուն ձեւաչափը պիտի մնայ անփոփոխ», աւելցուցած է ան:
«Կարեւոր է նաեւ համատեղ յայտարարութեան մէջ արտացոլուած միտքը, որ մօտ ապագային անհրաժեշտ է իրականացնել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարութեան մակարդակով անմիջական՝ արդիւնքին ուղղուած բանակցութիւններ», ըսած է Մամետեարով:
Ըստ անոր՝ այդ մօտեցման կ՛աջակցին ԵԱՀԿի համանախագահները:
comments
Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր Յայտարարելով Մաքրոն Կատարեց Իր Խոստումը. Փարիզ
Մաքրոն Ապրիլ 24ը Ֆրանսայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օր Յայտարարեց
Պէտք Է Բացառուին Արցախի Հարցի Կարգաւորման Ուժային Ընտրանքները. Մոսկուա
Մոսկուա Իր Քաղաքացիներուն Նկատմամբ Խտրական Վերաբերմունքին Մասին Գրութիւն Յղեց Ատրպէյճանի Դեսպանատուն
Պաքու Գրգռիչ Կը Նկատէ Զախարովայի Քննադատութիւնը
Ատրպէյճանի 2019ի Ռազմական Ամավարկը՝ 1.782 Միլիառ Տոլար
Չաւուշօղլու. Անգարա Միշտ Նկատի Պիտի Առնէ Պաքուի Զգայնութիւնները