Պաքու Գրգռիչ Կը Նկատէ Զախարովայի Քննադատութիւնը

By Asbarez | Thursday, 17 January 2019

0115leyla_abdullayeva

ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա «գրգռիչ ու հակաատրպէյճանական» որակեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի այն յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան քննադատած էր Ռուսիոյ հայ քաղաքացիներուն մուտքի արտօնութիւն չտալու Պաքուի կեցուածքը։

Ապտուլայեւա նոյն ժամանակ շեշտեց, թէ այդ յայտարարութիւնը չի կրնար ազդել Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն վրայ:

«Ատրպէյճանի դռները միշտ բաց են Ռուսիոյ քաղաքացիներուն առջեւ: 2018ին 880,000 ռուս քաղաքացիներ այցելած են մեր երկիրը եւ որեւէ դժգոհութիւն չէ արձանագրուած նշեալ հարցին շուրջ: Ռուսիոյ քաղաքացիներուն մեծ մասը գոհ մնացած է իր այցելութենէն եւ շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրընկալութեան համար», վստահեցուց Ապտուլաեւա:

Ան նաեւ նշեց, որ առաջին անգամը չէ, որ Զախարովա ռուս-ատրպէյճանական ռազմավարական յարաբերութիւններու ոգիին հակասող յայտարարութիւն կը կատարէ:

Զախարովա, մեկնաբանելով Պաքուի օդակայանէն ազգութեամբ հայ Ռուսիոյ քաղաքացիները արտաքսելու դէպքերը՝ ըսած էր, թէ անոնք «Ռուսիոյ քաղաքացիներուն տարրական իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ են»:

comments

Advertisement