Մոսկուա Իր Քաղաքացիներուն Նկատմամբ Խտրական Վերաբերմունքին Մասին Գրութիւն Յղեց Ատրպէյճանի Դեսպանատուն

By Asbarez | Thursday, 17 January 2019

0116rus azr

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- «Ռիա Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, թէ 15 Յունուարին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ատրպէյճանի օդակայաններուն մէջ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն նկատմամբ խտրական վերաբերմունքին վերաբերեալ գրութիւն մը յղեց Ռուսիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատուն:

Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա 11 Յունուարին յայտնած էր, թէ յոյս ունի, որ Պաքու վերջ կը դնէ Ռուսիոյ քաղաքացի հայերու նկատմամբ խտրական վերաբերմունքին եւ այսուհետեւ չ՛արգիլեր անոնց Ատրպէյճան մուտքը: Ան նաեւ Պաքուի օդակայանէն ռուսահայ քաղաքացիները արտաքսելու դէպքերը որակած էր «Ռուսիոյ քաղաքացիներուն տարրական իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ»:

Աւելի ուշ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա «գրգռիչ ու հակաատրպէյճանական» որակած էր Զախարովայի այս պնդումները։

comments

Advertisement