Մաքրոն Ապրիլ 24ը Ֆրանսայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օր Յայտարարեց

By Asbarez | Monday, 11 February 2019

0207macron2

ԵՐԵՒԱՆ.- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 5 Փետրուարին, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին ընթացքին յայտարարեց, որ որոշած է Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակել, կը հաղորդէ «Նիուզ»ը՝ վկայակոչելով «Եուրօնիուզ» լրատուական կայքը:

Մաքրոն նշեց, որ Ֆրանսա 1915էն ի վեր Ցեղասպանութիւնը կ՛անուանէ «յանցագործութիւն մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան դէմ»՝ աւելցնելով. «Ֆրանսահայերուն պատմութիւնը Ֆրանսայի պատմութիւնն է: Եւ որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեր յուշերուն մաս կը կազմէ, ուրեմն Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը պէտք է յարգուի նաեւ մեր հանրապետութեան մէջ: Ձեզի հետ միասին ես նոյնպէս, ուժերուս ներածին չափ, պիտի պայքարիմ ուրացման որեւէ դրսեւորման դէմ, որ կ՛անարգէ զոհերուն յիշատակը եւ ողջերուն արժանապատուութիւնը»։ Ան ըսաւ, որ այժմ միայն մէկ պետութեան ղեկավարը՝ Թուրքիոյ նախագահը չի կիսեր այս գծով Ֆրանսայի տեսակէտն ու արժէքները:

Ըստ Մաքրոնի՝ «նախագահ Էրտողան ամբողջ թուրք ժողովուրդը չէ»:

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ խոստացաւ շարունակել երկխօսութիւնը՝ պատմական փաստերը լսելի դարձնելու համար։

«Ես յստակ կերպով կ՛ըսեմ, որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի ամբողջական պատասխանատուութիւնը Թուրքիոյ նախագահին երկխօսութեան հրաւիրել է»:

Ան յայտարարեց նաեւ, որ Էրտողանին նախապէս տեղեակ պահած է իր որոշումին մասին, որովհետեւ «կը փափաքի բաց երկխօսութիւն պահպանել Թուրքիոյ հետ»:

«Մենք տարակարծութիւններ ունինք «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին, Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու հարցերուն, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ», ըսաւ Մաքրոն:

Նշենք, թէ Մաքրոն Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ազգային օր հռչակել խոստացած էր իր նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին:

Վերոնշեալ ընթրիքին ընթացքին Մաքրոն նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեց Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսա  պաշտօնապէս 2001ին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

comments

Advertisement