By Asbarez | Monday, 11 February 2019
ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձաւ Թուրքիոյ արձագանգին՝ Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր հռչակելու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի որոշումին նկատմամբ:
Նախարարութեան բանբերը, ի պաստախան այս մասին հարցումին՝ ըսաւ, որ յիշատակի օր հաստատելու իր որոշումով, նախագահ Մաքրոն կատարեց իր յայտնի խոստումը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Ֆրանսայի հայ քաղաքացիներու նախնիներուն:
«Մենք բազմաթիւ առիթներ ունեցած ենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ այս հարցին շուրջ տեսակէտներ փոխանակելու: Անոնք տեղեկացուած են մեր դիրքորոշումներուն մասին, ինչպէս, որ մենք տեղեակ ենք, թէ ինչպիսի դիրքորոշում ունին անոնք», նշեց բանբերը։
Մաքրոն նշած էր, որ անձամբ տեղեակ պահած էր Էրտողանը իր այս որոշումին մասին, իսկ Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն քննադատած էր Մաքրոնը՝ զայն ամբաստանելով պատմական իրադարձութիւնները քաղաքական նպատակներու համար շահագործելու յանցանքով։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ