Անուղղակի Սպառնալիք Մը Մամետեարովէն

By Asbarez | Saturday, 09 March 2019

0306mamed

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 5 Մարտին, ԵԱՀԿ գործող նախագահ Միրոսլաւ Լայչաքի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտնեց, թէ իր բողոքը յայտնած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովին, Հայաստանի ղեկավարութեան կատարած կարգ մը յայտարարութիւններուն գծով։

Ան իբրեւ օրինակ տուած է Հայաստանի Ազգային ապահովութեան ծառայութեան տնօրէնին վերջին յայտարարութիւնը, որուն մէջ շեշտուած էր, թէ «հայկական կողմը ոչ մէկ թիզ հող պիտի յանձնէ», որ ուղղուած չէ խաղաղութեան:

Մամետեարով խնդրեց Լայչաքէն, որ Երեւան իր այցելութեան ընթացքին հարցնէ Հայաստանի ղեկավարութեան, թէ պատրաս՞տ են «մեր ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու, թէ զանոնք պիտի տանին այլ ուղղութեամբ»:

Իր կարգին, Լայչաք ըսաւ, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը բանակցութիւններու միակ ձեւաչափն է, որ ճանչցուած է հակամարտութեան բոլոր կողմերուն կողմէ: «Ձեւաչափի որեւէ փոփոխութիւն պէտք է համաձայնեցուի հակառակ կողմին հետ», աւելցուց ան:

comments

Advertisement