Պաքու. Բանակցութիւններու Ձեւաչափը Փոխելու Փաշինեանի Ձգտումը Պիտի Ոչնչացնէ Մինսկի Խմբակը

By Asbarez | Saturday, 09 March 2019

0308osce_mnacakanyan

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու ձեւաչափը փոխելու՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «փափաքը պէտք է դիտուի՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի, յատկապէս՝ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի համանախագահներու գործունէութեան ոչնչացում»:

Պաքուի այս մեկնաբանութիւնը հրապարակուեցաւ Պրիւքսէլի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի կատարած մէկ յայտարարութենէն ետք։ «Մեր դիրքորոշումը չի փոխուել՝ հարցի արդիւնաւէտ կարգաւորման համար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է արդիւնաւէտ ֆորմատ (ձեւաչափ) ստեղծել, որու նպատակը բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնն ապահովելն է», ըսած էր ան:

«Բանակցութիւնները կ՛ընթանան այն ձեւաչափով, որ հաստատուած է 1992ին, Հելսինքիի մէջ, ԵԱՀԿի նախարարներու խորհուրդին կողմէ: Առանց ԵԱՀԿի երկիրներու համախոհութեան կարելի չէ փոխել այդ ձեւաչափը: Այդ որոշումին համաձայն՝ հակամարտութեան կողմեր են Հայաստան եւ Ատրպէյճան, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական եւ ատրպէյճանական համայնքները՝ շահագրգիռ կողմեր են», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ:

comments

Advertisement