Լայնածաւալ Ռազմափորձեր Ատրպէյճանի Մէջ

By Asbarez | Wednesday, 13 March 2019

0309azr

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».- 11-15 Մարտ ժամանակահատուածին մէջ, Ատրպէյճանի բանակը պիտի կատարէ լայնամասշտաբ զօրավարժութիւններ, որոնց պիտի մասնակցին մօտաւորապէս 10,000 զինուորներ։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին մինչեւ 500 զրահապատ ինքնաշարժներ եւ տարբեր տրամաչափի 300 հրթիռային համակարգեր, նաեւ 20 ռազմական օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ:

Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ զօրավարժութիւնը պիտի իրականանայ յարձակողական ծրագիրի մը բեմագրութեան հիման վրայ եւ «ենթադրեալ հակառակորդին հարուածներ պիտի հասցուին քանի մը ուղղութիւններէ, ճեղքելու համար անոր պաշտպանութիւնը եւ ջախջախելու անոր զօրամիաւորումները»։

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի եւս Ատրպէյճանի մէջ նման լայնածաւալ զօրավարժութիւններ տեղի ունեցած էին գրեթէ այս օրերուն։

comments

Advertisement