By Asbarez | Friday, 12 April 2019
ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Լոնտոնի մօտ Էքուատորի դեսպանին դիմումին ընդառաջելով, բրիտանական ոստիկանութիւնը 11 Ապրիլին ձերբակալեց 2012էն ի վեր դեսպանատուն ապաստանած «Ուիքիլիքս»ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժը:
Էքուատորի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ որոշած են քաղաքական ապաստան չտրամադրել անոր, որոհետեւ ան այլ պետութեան ներքին գործերուն սկսած է միջամուխ ըլլալու։
Յատկանշական է, որ «Ուիքիլիքս»ը վերջերս հրապարակած էր 2017ին Էքուատորի նախագահ ընտրուած Լենին Մորենոյի դրամատնային ծածուկ մէկ հաշիւը: Նաեւ կը հաղորդուի, որ Էքուատորի կեցուածքը փոխուած է անոր վրայ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց բանեցուցած ճնշումներուն հետեւանքով, որոնք չէին կրցած տարհամոզել նոխորդ նախագահը՝ Ռաֆայէլ Քորէան։
Արդարեւ, ձերբակալութենէն անմիջապէս ետք, Ուաշինկթըն Ասանժը արտայանձնելու դիմում կատարեց Լոնտոնի իշխանութեանց, զայն ամբաստանելով ամերիկացի նախկին զինուորական՝ Չելսի (Պրետլի) Մենինկի հետ դաւադրաբար ամերիկեան իշխանութեան գաղտնիքները բացայայտելու յանցանքով։ Նշենք, որ Մենինկի եւ «Ուիքիլիքս»ի գործակցութեան շնորհիւ բացայայտուած էին ամերիկեան զինուորական ուժերուն կողմէ շարք մը պատերազմական ոճիրներ, յատկապէս Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ։
Ասնաժ նաեւ մեղասկից կը նկատուի 2016ի նախագահական ընտրութեանց թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի ընտրապայքարին վնաս հասցուցած գաղտնի տեղեկութիւններ գողնալու եւ հրապարակելու ծրագիրին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ