Մոսկուա Պիտի Շարունակէ Արցախի Տագնապի Լուծման Միջնորդական Ջանքերը. Փութին

By Asbarez | Saturday, 27 April 2019

 

0427putin

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 26 Ապրիլին, Չինաստանի մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի անոր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին Փութին յայտարարած է, թէ Մոսկուա պիտի շարունակէ միջնորդական ջանքերը՝ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ:

Ռուսական աղբիւրներու համաձայն՝ Փութին նաեւ յայտնած է, որ յառաջիկայ Օգոստոսին Ռուսիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն եռակողմանի հանդիպումը։

Ալիեւ եւ Փութին Չինաստան կը գտնուին՝ մասնակցելու «Մէկ գօտի, մէկ ուղի» միջազգային համաժողովին:

Համաժողովին մասնակցողներուն դիմաց ունեցած իր ելոյթին մէջ, Ալիեւ յայտարարած է, որ «ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուրջ խնդիր է ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան համար»:

comments

Advertisement