Անգարա Կը Դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Փորթուկալի Որոշումը

By Asbarez | Tuesday, 30 April 2019

0430trk port

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը վաւերացնելու Փորթուկալի խորհրդարանին որոշումը՝ պնդելով, որ Անգարայի համար անընդունելի է «1915ի դէպքերուն» վերաբերեալ Ապրիլ 26ին որդեգրուած այդ քայլը։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կոչ ըրաւ Փորթուկալին՝ «չաղաւաղելու իրողութիւնները ներքաղաքական նկատառումներէ մղուելով»։

comments

Advertisement