Պաքու Թրքախօս Երկիրներու Աջակցութեան Կը Դիմէ

By Asbarez | Wednesday, 08 May 2019

0508ali_hasanov

ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- Ատրպէյճանի նախագահի հասարակական-քաղաքական հարցերու օգնական եւ բաժինի ղեկավար Ալի Հասանով 7 Մայիսին յայտարարեց, թէ Արցախի հակամարտութիւնը տարածաշրջանի եւ աշխարհի դժուար լուծելի հակամարտութիւններէն մէկն է՝ աւելցնելով, որ Պաքու այս գծով կարիքը ունի թրքախօս պետութիւններու աջակցութեան, «որովհետեւ հայերը պարբերաբար կ՛իրականացնեն իրենց քարոզչութիւնը»:

Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ան աւելցուց, որ յատկապէս տեղեկատուական մարզին մէջ թրքախօս պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան սերտացումը կենսական է՝ աւելցնելով. «2016ի ապրիլեան պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճան տեղեկատուական աջակցութեան կարիք ունէր: Անհրաժեշտ էր տարածաշրջանին եւ աշխարհին տեղեկացնել հայերու սադրանքները եւ տարածաշրջանին մէջ անոնց յարձակողապաշտ քաղաքականութեան, անոնց կողմէ Ատրպէյճանի մշակութային եւ կրօնական կոթողներու ոչնչացումը»։

comments

Advertisement