Պելոռուսը Պիտի Շարունակէ Օգնել Ատրպէյճանի Բանակին

By Asbarez | Thursday, 09 May 2019

0509bel azr

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հանդիպում ունեցաւ Պաքու գտնուող Պելոռուսի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ եւ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ զօր. Օլեկ Պելոքոնեւի հետ:

Կարգ մը ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, թէ հանդիպման ընթացքին կողմերը իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին զինուորական, սպառազինութեան առեւտուրի եւ ռազմական կրթութեան ոլորտներուն մէջ երկու պետութիւններուն միջեւ գործակցութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ, ընդգծելով այս ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացման կարեւորութիւնը:

Կողմերը դրական գնահատեցին ատրպէյճանական բանակը պելոռուսական արտադրութեամբ զէնք-զինամթերքով ապահովելը:

Քննարկելով սպառազինութիւն գնելու վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ՝ մը կողմերը որոշեցին Ատրպէյճանի բանակի մարտունակութիւնը բարձրացնելու ուղղուած նոր եւ ընդարձակ նախագիծերու իրականացման ուղղութիւնները:

comments

Advertisement