By Asbarez | Thursday, 23 May 2019
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահութիւնը խորհրդարան ղրկուած դիմումնագիրով մը պահանջեց, որ 25 երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը ջնջուի։
Դիմումնագիրը փոխանցուեցաւ Դատական եւ Սահմանադրութեան յանձնախումբերու խառն խմբակին։
Յիշեալ երսփոխաններուն դէմ 44 թղթածրարներ պատրաստուած են, եւ այդ երեսփոխաններուն մէջ կը գտնուին նաեւ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահները՝ Փերվին Պուլտան եւ Սեզա Թեմելլի։
Թրքական մամուլը կը տեղեկացնէ, որ անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու կապակցութեամբ խորհրդարան յղուած թղթածրարներուն թիւը այս յաւելումով հասած է 608ի։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Անգարայի հանրապետական գլխաւոր դատախազութեան կողմէ բացուած հետաքննութեան ծիրին մէջ նախարարութեան 249 աշխատակիցի ձերբակալման որոշում տուած է, կը հաղորդէ «Արթիկերեճեք» կայքը:
Արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցները կը մեղադրուին Թուրքիոյ մէջ ահաբեկիչ նկատուող եւ Յուլիս 15, 2016ի զինուորական յեղաշրջման անյաջող փորձ կատարելու մէջ մեղադրուող կրօնական գործիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենին աջակցելու յանցանքով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ