Պաքու Եւ Անգարա Կը Ծրագրեն Այս Տարի 13 Միացեալ Ռազմափորձեր Կատարել. Հասանով

By Asbarez | Thursday, 13 June 2019

0613azr grg trk

ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- Չորեքշաբթի, 12 Յունիսին, հիւսիսային Ատրպէյճանի Կապալա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումը:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտարարեց, թէ տարիէ տարի աւելիով կը սերտանայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական համագործակցութիւնը, որուն զուգահեռ կը բազմանան նաեւ միացեալ ռազմափորձերը։

«Ատրպէյճան եւ Թուրքիա 2018ին իրականացուցին 7 համատեղ զօրավարժութիւններ, իսկ 2019ին անոնց թիւը պիտի հասնի 13ի», աւելցուց Զաքիր Հասանով, Վրաստանը եւս հրաւիրելով մասնակցելու այդ ռազմափորձերուն:

Հասանով նաեւ պնդեց, թէ Ատրպէյճան եւ Վրաստան կ՛աջակցին Թուրքիոյ կողմէ յառաջ տարուող «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ին:

Ըստ նախարարութեան՝ Հասանով Թուրքիոյ եւ Վրաստանի իր պաշտօնակիցներուն՝ Հուլուսի Աքարի եւ Լեւան Իզորիայի հետ քննարկեց եռակողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, եւ տեղի ունեցաւ շրջանային շարք մը նախագիծերու ապահովութեան երաշխաւորման ու շարք մը այլ հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակում:

comments

Advertisement