Ամերիկա-Թուրքիա Յարաբերութիւնները Վտանգաւոր Հանգրուանի Մը Մէջ

By Asbarez | Tuesday, 18 June 2019

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Էս. 400»ներու եւ «Էֆ. 35»ներու հարցով Թուրքիա-Ամերիկա յարաբերութեանց լարուածութիւնը վտանգաւոր հանգրուանի մը հասած է եւ դիւանագիտական խոր տագնապը մեղմանալու նշաններ ցոյց չի տար, ընդհակառակը, փոխադարձ սպառնալիքները կը շարունակուին։

Օրինակ, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն խստօրէն քննադատեց «Էֆ. 35» օդանաւերը չտրամադելու մասին ամերիկեան սպառնալիքները՝ պնդելով, որ անոնք «այսպէս կամ այնպէս» պիտի տրամադրուին Թուրքիոյ, որ առաւել քան 1 միլիառ տոլարի ներդրումներ ըրած է ծրագիրին մէջ։

Իր կարգին, նախագահ Էրտողան դարձեալ շեշտեց, որ «Էս. 400» համակարգերը արդէն իսկ գնուած են, պնդելով, որ անոնք կենսական են երկրին ապահովութեան համար։

Իսկ Ազգայնամոլ շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի ըսաւ. «Մեր երկիրը ո՛չ Ամերիկայի գաղութն է, ոչ ալ այդ երկրի նահանգներէն մէկը»՝ պաշտպանելով «Էս. 400»ներ գնելու որոշումը եւ աւելցնելով, որ ի հարկին Թուրքիա կրնայ հրաժարիլ ՆԱԹՕէն։

Այս վերի յայտարարութիւններուն իբրեւ պատասխան՝ ուշագրաւ խօսքեր արտասանեց «Լաւ» կուսակցութեան առաջնորդ Մերալ Աքշեներ, որ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Եթէ կարելի է, անոնք այդ նոյն յայտարարութիւնները թող ընեն նախագահ Թրամփի ներկայութեան։ Խայտառակ ըրին մեր երկիրը։ Որպէս Թուրքիա ինչո՞ւ կը գնենք «Էս. 400» համակարգերը. ասիկա ո՛չ ես գիտեմ ոչ ալ ժողովուրդը։ Այդ համակարգերը Թուրքիա բերելէ ետք ինչպէս կարելի է մնալ ՆԱԹՕի կազմին մէջ. անկարելի բան է։ Անընդունելի են նաեւ Ամերիկայի սպառնալիքները։ Ես կը պահանջեմ, որ իշխանութիւնները պաշտպանեն մեր երկրի վարկը»։

comments

Advertisement