Ալիեւ Արցախի Հիմնախնդիրի Լուծման Հարցով Թրամփի Օգնութեան Կը Դիմէ

By Asbarez | Tuesday, 09 July 2019

0709Aliyev-Trump

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին յղեց Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնին առիթով շնորհաւորական նամակ մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ տակաւին չլուծուած Արցախի հիմնախնդիրը «մեծ, ցաւոտ հարց» է Ատրպէյճանի ժողովուրդին համար, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Հաքքին» կայքը:

Նամակին մէջ Ալիեւ դարձեալ կը պնդէ, որ «Լեռնային Ղարաբաղը եւ անոր յարող 7 շրջանները ատրպէյճանական վաղեմի հողեր» են՝ աւելցնելով. «Տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ եւ արդար ճամբով՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն համապատասխան, եւ հիմամբ՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերու պահանջներուն, որոնք սահմանուած են Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրով՝ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ»։

Ալիեւ կը նշէ, որ Ատրպէյճան այդ հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ, նաեւ Թրամփի կողմէ հետեւողական եւ վճռական դիրքորոշման յոյս ունի:

comments

Advertisement