Ատրպէյճան Կը Փորձէ Իւրացնել Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին

By Asbarez | Tuesday, 09 July 2019

0703akhtamar

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ատրպէյճանի սփիւռքի կեդրոնի ղեկավար Իսմայիլ Աղաեւ եւ իր հայատեացութեամբ յայտնի՝ Թուրքիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող, այսպէս կոչուած, «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութեան» նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ, այցելելով Աղթամար կղզի՝ տարածեցին պատմութիւնը կեղծող յայտարարութիւններ:

Երկու կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւնները ատրպէյճանական դրօշակներով այցելեցին Սուրբ Խաչ եկեղեցի եւ յայտարարեցին, թէ անիկա կը պատկանի քրիստոնեայ թուրքերուն, եւ խոստացան այդ ուղղութեամբ հետազօտական աշխատանքներ կատարել:

«Հայերը, ուր խաչ տեսնեն, այդ հողերն ու եկեղեցիները հայկական կը համարեն: Աղթամար կղզիին մէջ գտնուող եկեղեցին հայերուն չի պատկանիր, այլ քրիստոնեայ թիւրքերուն, ասիկա քրիստոնեայ թիւրքերու յուշարձան է: Ասկէ քանի մը տարի առաջ հայերը ցերեկով թաքուն եկան եւ եկեղեցւոյ վրայ հայկական տառեր գրեցին ու, մարդոց յիմարցնելով, ցոյց կու տան, որ ասիկա իրենց կը պատկանի», յայտարարեց Աղաեւ:

Իր կարգին, Կէօքսել Վանը հայկական մայրաքաղաք ներկայացնելը «կեղծ» համարեց: «Հայերը Վանը յայտարարած են մայրաքաղաք: Կարծես թէ այս տարածաշրջանին մէջ ո՛չ թուրք, ո՛չ քիւրտ, ո՛չ ալ ատրպէյճանցիներ ապրած են: Կարծես այստեղ միշտ հայեր ապրած են, իսկ մենք ալ հայերու թափթփուկներն ենք: Անոնց միակ նպատակը ծովէ ծով Հայաստան ստեղծելն է: Սակայն մենք հզօր ենք: Շուտով Ղարաբաղը պիտի ազատագրենք», յոխորտաց ան:

comments

Advertisement