Պաքու Կը Հակադարձէ Ներկայացուցիչներու Տան Հայանպաստ Որոշումներուն

By Asbarez | Saturday, 13 July 2019

0712azr fm

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ատրպէյճան պատասխանեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 11 Յուլիսին վաւերացուած հայանպաստ որոշումներուն՝ քննադատելով յատկապէս Ատրպէյճանին զէնքեր տրամադրելու արգելքը։

Քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի ներկայացուցած այդ առաջարկին նպատակն է՝ երաշխաւորել Ստեփանակերտի օդակայանին ապահովութիւնը։

«Ատրպէյճան մինչ այժմ Միացեալ Նահանգներէն զէնք չէ գնած եւ ունի այլ երկիրներէ արդիական ռազմական սարքեր գնելու կարողութիւնը», յայտարարեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը պնդէ, թէ իր երկիրը ունի պաշտպանութեան տարբեր միջոցներ, որոնք կրնան պաշտպանել Ատրպէյճանի օդային տարածքը եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, կրնան անմիջապէս պատասխան տալ:

«Քոնկրեսական Շըրմըն, հաւանաբար, պէտք է իմանայ, որ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք է եւ տարածաշրջանին մէջ քաղաքացիական օդանաւերու թռիչքներու արգելքը հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան պատճառով է», Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործող օդանաւերը զգետնելու Պաքուի սպառնալիքները արդարացնել փորձեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

comments

Advertisement