ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին հրահանգած է սառեցնել 2008ին ստորագրուած 141 միլիոն տոլար արժողութեամբ համաձայնագիրին հիման վրայ՝ հետախուզական տեղեկատուութիւն հաւաքելու նպատակով արդիական համակարգերու առաքումը Թուրքիա:
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը նշէ, որ Թուրքիոյ ռազմական դաշնակիցը համարուող Իսրայէլը, կրկին անգամ երես կը թեքէ Թուրքիայէն եւ կը հրաժարի համագործակցելէ:
Թուրքիոյ հետ համաձայնագիրը ստորագրած են իսրայէլեան երկու ընկերութիւններ, որոնք պարտաւորուած են թրքական օդուժին լրտեսական «ուղեղ»ներ մատակարարել:
Իսրայէլ մտահոգութիւն յայտնած էր այն բանին համար, որ Թուրքիա բաւարար երաշխիքներ չէր տուած, թէ հաւաքուած տեղեկութիւնները պիտի չփոխանցէ այլ երկիրներու:
Երկու ընկերութիւնները արդէն իսկ դիմած են Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ փոխհատուցում պահանջելով պայմանագիրը չկատարալեու կապակցութեամբ ակնկալուող բազմամիլիոն վնասներուն դիմաց: