Քիւրտերու Ցեղասպանութեան Մասին Փայլանի Յայտարարութիւնը Զայրացուցած Է Թուրք Ազգայնամոլները

By Asbarez | Friday, 23 August 2019

0823Paylan-Argentina1

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն երկու երեսփոխաններ՝ Էպրու Կիւնայ եւ Կարօ Փայլան կը շարունակեն Հարաւային Ամերիկայի մէջ իրենց շրջապտոյտը։ «Անատոլու» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ  երեսփոխանները Արժանթինի մէջ Թուքիոյ դէմ արտայայտուեցան, որուն իբրեւ հետեւանք թրքական մամուլին մէջ թշնամական եւ գրգռիչ գրութիւններ հրատարակուեցան երկու երեսփոխաններուն դէմ։

Կիւնայ «Քլարին» թերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ փոքրամասնութեան պատկանող ամէն անձ, որ Էրտողանի դէմ է, կրնայ բանտարկուիլ, տանջանքի ենթարկուիլ եւ սպաննուիլ։ Ան պաշտպանեց Սուրիոյ մէջ գործող քրտական ուժերը եւ ըսաւ. «Իբրեւ քիւրտեր՝ յաջողութիւններ արձանագրեցինք Սուրիոյ մէջ, բայց ասոնք որեւէ վտանգ կամ սպառնալիք չեն ներկայացներ Թուրքիոյ հասցէին։ Իսկ Էրտողան այս բոլորէն կ՛օգտուի մեր վրայ ճնշում գործադրելու համար»։

Իր կարգին, Կարօ Փայլան ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ ընդդիմութիւնը նախագահ Էրտողանին  դէմ է, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ ժողովրդավարութիւն կայ երկրին մէջ։ Կարօ Փայլան անդրադարձաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ ըսելով. «110 տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ կար սուլթան մը, որ ամէն տեսակ յանցանք կը գործէր։ Հայերը կը հաւատային, որ շատ բաներ պիտի փոխուին, եթէ սուլթանին ընդդիմադիրները իշխանութեան գլուխ գան։ Բայց ընդդիմադիրները,  երբ իշխանութեան գլուխ եկան, սուլթանէն աւելի անխիղճ գտնուեցան ու իրականացուցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ես ազդարարութիւն կ՛ուղղեմ իմ քիւրտ եղբայրներուն ու կ՛ըսեմ. «Էրտողանէն փրկուիլը չի նշանակեր, որ Թուրքիա պիտի տիրանայ ժողովրդավար կարգավիճակի մը»»։

Փայլան պահանջեց, որ արտաքին ուժերը դէմ գան Թուրքիոյ եւ դիտել տուաւ, որ ուրիշ երկիրներ ալ նմանօրինակ յանցանքներ կրնան գործել, եթէ Թուրքիոյ կողմէ գործուած յանցանքները չպատժուին։

Երեսփոխանները հարցազրոյցի մը ընթացքին նաեւ պնդեցին, որ քիւրտերը ցեղասպանութեան վտանգ կը դիմագրաւեն ներկայիս։ Փայլան ըսաւ, որ այսօր Թուրքիոյ մէջ կը տիրէ այն մթնոլորտը, որ կը տիրէր Հայոց Ցեղասպանութեան նախորդած օրերուն։

Երկու երեսփոխաններուն դէմ շատ ծանր քննադատութիւն մը հրատարակուեցաւ «Թիւրքիյէ» թերթին մէջ։ Թերթը անստորագիր լրատուութեան մը մէջ գրեց, որ երկու երեսփոխանները «կը գործեն ճիշդ դաշնակներուն նման»՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ դէմ թշնամական «Խաչակիրներու արշաւը» այսօր ալ կը շարունակուի։

Թերթը կը գրէ, որ երկու երեսփոխանները կը շարունակեն Թուրքիան արատաւորելու արշաւ մը։ «Անոնք  կը ստեն՝ ըսելով, որ Թուրքիոյ մէջ տնտեսական ու քաղաքական տագնապ կայ, եւ թէ Թուրքիա պատերազմ հռչակած է քիւրտ ժողովուրդին դէմ», կը գրէ թերթը՝ աւելցնելով, որ քրտամէտ կուսակցութիւնը այժմ կը գործածէ ճիշդ այն պնդումները, որոնք գործածուած էին Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին  «կայսերապաշտ երկիրներու գործակատարութիւնը ընող հայկական Դաշնակ կուսակցութեան կողմէ»՝ աւելցնելով, որ քրտամէտ կուսակցական «ծրագիրը արդէն ամբողջովին կը նոյնանայ Դաշնակ կուսակցութեան ծրագիրին հետ»։

Թերթը կը գրէ, որ քրտամէտ կուսակցութեան անդամները «որոնք կը դաւաճանեն իրենց հաց տուող Թուրքիոյ, դարձեալ ատելութիւն փսխեցին Հարաւային Ամերիկայի շրջապտոյտին ընթացքին»։

«Կարօ Փայլան, որ բնաւ չի խօսիր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ կատարուած սպանդներուն մասին՝ ըսաւ, որ այս այցելութիւնը կատարեցին որպէսզի ամբողջ աշխարհին իմացնեն, թէ քիւրտերը ցեղասպանութեան վտանգի մը հետ դէմ յանդիման են։ Փայլան իր բոլոր խօսակցութիւններուն մէջ ատելութիւն կը դրսեւորէ Էրտողանի դէմ», կ՛աւելցնէ թերթը՝ պնդելով, որ Թուրքիոյ դէմ թշնամութեամբ սնուցուած «հայկական զօրախումբեր ներկայիս կը գործեն Սուրիոյ քիւրտերու շարքերուն մէջ»։

comments

Advertisement