Ցուցարարները Կը Շարունակեն Պէյրութի Ճամբաները Փակել

By Asbarez | Friday, 01 November 2019

1101leb

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.», «Ազդակ».- Հինգշաբթի, 31 Հոկտեմբերին, Պէյրութի կեդրոնական շրջաններուն մէջ ցուցարարներ դարձեալ փակեցին գլխաւոր պողոտաներուն մէկ մասը, բախումներ ունենալով զանոնք վերաբանալ փորձող ապահովական ուժերուն հետ։ Անոնք անբաւարար կը նկատեն վարչապետ Սաատ Հարիրի հրաժարականը, քաղաքական բոլոր ղեկավարներուն հրաժարականը պահանջելով։

Նշենք, որ մէկ օր առաջ, Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ ճամբաները փակած ցուցարարները ապահովական ուժերուն եւ քաղաքապետարաններու ոստիկաններուն օժանդակութեամբ վերաբացին բոլոր ճամբաները, փորձելով վերակենդանացնել երկրին տնտեսական բնականոն կեանքը: Վարժարաններուն մէկ մասը վերաբացուած է, իսկ դրամատուները կը ծրագրեն իրենց դռները վերաբանալ Ուրբաթ օրը։

Սակայն երեկոյեան իսկ ցուցարարները դարձեալ ողողեցին քաղաքներուն հրապարակները։ Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ համախմբուեցան հազարաւոր ցուցարարներ՝ պահանջելով ամբողջ իշխող համակարգին տապալումը։ Մեծ թիւով ցուցարարներ նաեւ փակեցին Ռինկի կամուրջը եւ Ժալ Էլ Տիպի մայրուղին: Մեծաթիւ ցուցարարներով բողոքի հաւաք մը տեղի ունեցաւ նաեւ Սայտայի մէջ:

Լիբանանի նախագահութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը 30 Հոկտեմբերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ նախագահ Միշել Աուն շնորհակալութիւն յայտնած է հրաժարած վարչապետին եւ նախարարներուն ու խնդրած, որ անոնք շարունակեն ընթացիկ աշխատանքները, մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ վարչապետ Հարիրիի հրաժարականէն ետք անհրաժեշտ է առանց ուշացումի նոր կառավարութիւն կազմել եւ կառուցային բարեփոխումներ կատարել: Անոնք կառավարութեան կոչ ուղղեցին՝ քաղաքացիական հասարակութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու: Պատուիրակութիւնը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ հաւաքի եւ խօսքի ազատութեան դէմ կատարուած խախտումներուն, ինչպէս նաեւ բռնութեանց նկատմամբ:

Իր կարգին, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարեց, որ Լիբանանի եւ Իրաքի ցուցարարներուն պահանջները արդարացի են, սակայն կոչ ուղղեց շարժումը կատարել իրաւական կառոյցներու եւ շրջանակներու մէջ: «Մեծագոյն հարուածը, զոր թշնամիները կրնան ուղղել երկրի մը, անոր ապահովութեան քայքայումն է», շեշտեց ան։

comments

Advertisement