Մամետեարով Դարձեալ Իրականութիւններ Կը Շրջէ

By Asbarez | Wednesday, 06 November 2019

1106mamedՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Armenia.az» կայքը կը հաղորդէ, թէ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան հաւաքի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով դարձեալ իրականութիւնները շրջելով՝ պնդեց, թէ Հայաստանն է, որ կ՛ընդդիմանայ Արցախի տագնապին արդար լուծումին, աւելցնելով, որ Պաքու այլեւս «չի  կրնար հանդուրժել բռնագրաւումը եւ Արեւելեան գործընկերութեան հիմնարար սկզբունքներու շահագործումը»:

Ըստ նախարարին՝ Հայաստան ոչ միայն «գրաւաուած կը պահէ Ատրպէյճանի հողերը, այլ նաեւ կը խոչընդոտէ հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման ուղղուած ջանքերը»:

comments

Advertisement