Սուրիական Բանակը Թրքական Բանակէն Ազատագրեց Ըմ Շահիֆա Գիւղը

By Asbarez | Wednesday, 13 November 2019

1113Syrian-Army

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Սուրիական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը թրքական բանակէն եւ անոր հաւատարիմ զինեալ խմբաւորումներէն ազատագրեց Ըմ Շահիֆա գիւղը:

Սուրիական բանակը կը հետապնդէ թրքական բանակին եւ անոր հետեւորդ զինեալներուն մնացորդները, որոնք կը փախչին դէպի Ռաս ուլ Այնի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Մահմուտիէ գիւղին ուղղութեամբ:

Լրատու գործակալութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը ծանր եւ միջին տարողութեամբ զէնքերով բուռն բախումներ ունեցաւ թրքական բանակին ու անոր ենթակայ խմբաւորումներուն զինեալներուն հետ. այդ բախումներուն իբրեւ հետեւանք է, որ Ըմ Շահիֆա գիւղը ազատագրուեցաւ:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը անցեալ շաբաթ հաղորդած էր, որ ռուսական ուժերը Գամիշլի քաղաքին արեւելքը հսկողութիւն կատարելու սկսած են, իսկ Ամերիկա յայտարարած էր, որ կը սկսի հեռանալ Արաբ Բունարէն:

comments

Advertisement