Թուրքիա Գաղթականները Կը Շահագործէ Իբրեւ Լծակ. Աթէնք

By Asbarez | Friday, 22 November 2019

1121grc

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս անդրադարձած է Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներու միջեւ յարաբերութեանց եւ յատկապէս գաղթականներու հարցով նախագահ Էրտողանի կողմէ վերջերս կատարուած շարք մը սպառնական յայտարարութիւններուն:

Գերմանական օրաթերթի մը տրուած հարցազրոյցին ընթացքին, վարչապետ Միցոթաքիս  նշած է, թէ վերջերս զգալիօրէն բարձրացած է Յունաստան մուտք գործող գաղթականներուն թիւը, աւելցնելով. «Մէկ բան ակնյայտ է. Թուրքիա գաղթականները կ՛ընդունի, աւելի ուշ զանոնք իբրեւ լծակ օգտագործելու եւ Եւրոպայի երկիրներուն վրայ ճնշումներ բանեցելու համար»:

Անդրադառնալով Թուրքիոյի նախագահի՝ «դարպասները կը բանանք» սպառնալից յայտարարութեան, Միցոթաքիս նշած է. «Ես նախագահ Էրտողանին յստակօրէն ըսած եմ, որ եթէ կը փափաքի Յունաստանի հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաս-տատել, ապա պէտք չէ գաղթականները այս ձեւով շահագործէ»:

comments

Advertisement