Շուէտ Մերժած է Զարաքօլուն Թուրքիոյ Յանձնելու Դիմումը

By Asbarez | Tuesday, 24 December 2019

1228Ragib

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Պելկէ» հրատարակչատան սեփականատէր եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու քանի մը տարիէ ի վեր քաղաքական ապաստան գտած է Շուէտի մէջ, բայց Թուրքիա կը պահանջէ, որ Շուէտ զինքը յանձնէ Թուրքիոյ, քանի որ Զարաքօլու կը մեղադրուի Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու յանցանքով։

Թուրք փաստաբաններ, պետութեան անունով Զարաքօլուն վերադարձնելու մասին պահանջ ներկայացուցած էին Շուէտի իշխանութիւններուն, սակայն Շուէտի բարձրագոյն դատարանը մերժեց թուրք փաստաբաններու պահանջը։

Յիշեցնենք, որ «Պելկէ» հրատարակչատունէն լոյս տեսած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիրքեր։ Զարաքօլու նաեւ քանի մը առիթներով այցելած է Հայաստան։

comments

Advertisement