Անգարա Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ուրանալու Մարտավարութիւնը Քննակած Է

By Asbarez | Thursday, 18 June 2020

0617trk

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի բարձրագոյն խորհրդատուական մարմինը նիստ մը գումարեց նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։

Նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն յայտարարութիւն մը կատարեց  5 ժամ տեւած դռնփակ խորհրդակցութեան վերաբերեալ։

Ան յայտնեց, որ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան այն գործողութիւնները, որոնք պէտք է իրականացուին ընդդէմ «1915ի դէպքերուն վերաբերեալ Թուրքիոյ նկատմամբ ներկայացուող պնդումներուն»։

«Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան այն համապարփակ քայլերը, որոնք պիտի  կանխեն քայլերը հայկական լոպպիին, որ Թուրքիան եւ մեր ազգը սեւցնելու համար 1915ի դէպքերը կ՛օգտագործէ իբրեւ գործիք։ Պիտի հակադարձենք նաեւ այս հարցը քաղաքական նպատակով շահագործող երկիրներուն, որոնք իրականութեան հետ կապ չունեցող պնդումներուն վրայ հիմնուած քարոզչութիւն կը կատարեն։ Քննարկուեցան նախագիծեր եւ գործողութիւններ, որոնք կարելիութիւն պիտի տան հարցին պատմական եւ իրաւական կէտերը փաստերով ներկայացնելու թրքական եւ միջազգային հանրութեան», ըսաւ Ալթուն:

comments

Advertisement