Հայ Սակրաւորները Սուրիոյ Մէջ Առաքելութեան Ընթացքին Ականազերծած Են 185,209 Քմ. Տարածք

By Asbarez | Wednesday, 01 July 2020

0702Syria

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդասիրական ականազերծողներու, բժիշկներու եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներու 73 հոգիէ կազմուած 5րդ խումբը, 16 Յունիսին մեկնեցաւ Սուրիա:

Ըստ «Հումանիտար (մարդասիրական-Խմբ.) ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»ին՝ 19 Յունիսին, Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ հինգերորդ խումբի հայ մասնագէտներուն հետ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։ Քննարկուեցան աշխատանքային առաքելութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

23 Յունիսին, Հալէպի մէջ տեղակայուած ռուսական Հակամարտող կողմերու Հաշտեցման կեդրոնի ղեկավար կազմը եւ Հալէպ նահանգի անվտանգութեան կոմիտէի ղեկավարի տեղակալը՝ ճանաչողական այցելութեան ծիրին մէջ այցելեցին մարդասիրական խումբին: Անոնց նպատակն էր ծանօթանալ եւ քննարկել խումբին հետագայ գործունէութիւնը եւ համագործակցութեան հիմնական դրոյթները:

29 Յունիսին, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ներկայացուցիչ Արկադի Տօնոյեան հանդիպում ունեցաւ Danish Refugee Council (DRC)-ի ղեկավար Պրենտա Ֆլորզի եւ անոր աշխատակազմին հետ: Հանդիպման ընթացքին DRC-ի ղեկավար կազմին հետ քննարկուեցան մարդասիրական խումբին եւ գրասենեակին համագործակցութեան հնարաւոր տարբերակները՝ «Ականներու վտանգի իրազեկման եւ ականներէ տուժածներու աջակցութեան» ծրագիրներուն վերաբերեալ:

Յունիսին, Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացանող 5րդ խումբի սակրաւորները ականազերծեցին 2450 քառակուսի մեթր ականապատ տարածք, յայտնաբերեցին երեք ՎՕԳ-17 ական, ինչպէս նաեւ՝ ինքնաշէն պայթունավտանգ առարկաներ:

Այսպիսով՝ առաքելութեան առաջին իսկ օրէն ականազերծուած է 185,209 քառակուսի մեթր տարածք, որմէ սուրիական իշխանութիւններուն հաւաստագիրներով յանձնուած է 142,000 քառակուսի մեթր տարածք:

Հայաստանի մարդասիրական 5րդ խումբի բժշկական խումբը համաճարակային սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած է 646 բնակիչներու: Այսպիսով՝ Փետրուար 2019էն մինչեւ այսօր բժշկական օգնութիւն ցուցաբերուած է 13,772 հիւանդներու: Մարդասիրական խումբին մնայուն տեղակայման ամբողջ տարածքին կը շարունակուին ամէնօրեայ ախտահանման աշխատանքները: Թէեւ Հալէպի մէջ համաճարակի պայմաններուն մէջ կան շարք մը սահմանափակումներ եւ դժուարութիւններ, սակայն մարդասիրական խումբը բարձր մակարդակով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։

comments

Advertisement