Թուրքիան Անհանգստացած Է Սեւրի Դաշնագրի Թեմայով Հայաստանէն Հնչած Յայտարարութիւններէն

By Yerakouyn | Tuesday, 11 August 2020

Թուրքիան անհանգստացած է Սեւրի դաշնագրի 100-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներէն, ինչպէս նաեւ ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէն այս թեմայով հնչած յայտարարութիւններէն։ Այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է ի պատասխան վերոնշեալ յայտարարութիւններուն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւնը անուղղակի սպառնացած է․ «Ժամանակը եկած է, որ Հայաստանի պետական մարմինները (իշխանութիւնները) յարձակողական ազգայնական քաղաքականութիւնը ձգեն եւ խելքերնին գլուխնին հաւաքեն»։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Սեւրի պայմանագրին նպատակն էր մասնատել Թուրքիան եւ վերջ դնել անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան, սակայն թուրք ազգը «պատռած եւ պատմութեան աղբամանը նետած է զայն»։

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն այս յայտարարութեամբ անուղղակի կերպով Հայաստանը մեղադրած է թշնամանք սերմանելուն եւ «ստոր նպատակներ ունենալուն մէջ», եւ այդ նպատակով Սեւրի պայմանգրի օգնութեան դիմելուն մէջ։

Յայտարարութեան մէջ կրկնուած է նաեւ վերջին շրջանին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ ինչպէս նաեւ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ կողմէն հնչած այն կարծիքը, թէ Հայաստանը չի կրնար հոգալ սեփական ժողովուրդի առօրեայ պահանջները։

Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւնը նաեւ անդրադարձած է արցախեան հիմնախնդրին՝ Հայաստանը մեղադրելով «Ատրպէյճանի տարածքները բռնագրաւելու եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման առջեւ միակ խոչընդոտը ըլլալու» մէջ։

Նշենք, որ Օգոստոս 10-ին լրացաւ Սեւրի պայմանագրի կնքման 100-րդ տարին։ Ատով պիտի ճանչցուէր հայ ժողովուրդի իրաւունքը Հայկական լեռնաշխարհի մէկ մասին նկատմամբ։ Թէեւ պայմանագիրը չէ վաւերացուած, սակայն Թուրքիոյ մէջ, մինչեւ այժմ ալ, ցաւով կ՝ընդունուի այդ պայմանագրին գոյութիւնը։ Եւ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի այս յայտարարութիւնը, ուր կիրառուած են բաւական կոշտ արտայայտութիւններ, մէկ անգամ եւս կը վկայէ, որ Թուրքիան չէ յաղթահարած «Սեւրեան սինտրոմը»՝ վախը Թուրքիոյ մասնատման նկատմամբ։

comments

Advertisement