By Asbarez | Thursday, 01 October 2020
Աշխարհի մեծագոյն երիտասարդական-քաղաքական կազմակերպութիւնը` Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը, որուն կ՛անդամակցի ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդականը, յատուկ յայտարարութիւններով խստօրէն դատապարտեց Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակումը՝ յորդորելով անմիջապէս դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, յատկապէս` խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ:
«Ամէնէն մտահոգիչ փաստը այն է, որ Թուրքիա լկտիաբար յայտարարած է Ատրպէյճանին իր լայնածաւալ օգնութեան մասին», յայտնեց միութիւնը, որ նաեւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ յարձակողապաշտ դիրքորոշումը եւ անոր շարունակական անխոհեմ քայլերը, որոնք կը նպաստեն շրջանի ապակայունացման:
Միութիւնը միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ՝ պահանջելու ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցումը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ