Քորսիքա Ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը

By Asbarez | Sunday, 08 November 2020

1106corsica

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»,- Ֆրանսայի Քորսիքա նահանգի խորհրդարանը ընդունեց Արցախի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող եւ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ բռնարարքները դատապարտող բանաձեւը:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ նկատի ունենալով Պաքուի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմը, Արցախը դիտարկելով իբրեւ հայերու քաղաքակրթութեան օրրան, նկատի ունենալով այն փաստը, որ ո՛չ Ատրպէյճան եւ ոչ ալ Թուրքիա կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ թէ Թուրքիոյ կողմէ աջակցուող Ատրպէյճանի յարձակումները միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտումներ են, խորհրդարանը կը հաւատայ, որ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը կրնայ նպաստել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:

Հոն նաեւ կոչ կ՛ըլլայ բոլոր պետութիւններուն, որ ճանաչնան Արցախի Հանրապետութիւնը եւ նպաստեն  հակամարտութեան կարգաւորման ու խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն:

comments

Advertisement