Ճօ Պայտըն Ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու 46րդ Նախագահը

By Asbarez | Sunday, 08 November 2020



ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 7 Նոյեմբերին, «Էյ.Փի.», «Ֆաքս Նիուզ», «Էյ.Պի.Սի», «Պի.Պի.Սի.» եւ շարք մը այլ լրատու գործակալութիւններ յայտարարեցին, թէ 2020ի նախագահական ընտրութիւններուն յաղթանակ կերտեց Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու եւ նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, անշրջելի առաւելութիւն մը ապահովելով 20 պատուիրակներ ունեցող Փենսիլվենիոյ մէջ։

Այս յաղթանակով, Պայտընի ընտրական պատուիրակներուն թիւը հասաւ 290ի, 284ի կամ 273ի, ըստ տարբեր հաշուարկներու, ինչ որ բաւարար է նախագահ ընտրուելու։

Պայտըն ապահովեց մօտաւորապէս 75 միլիոն քուէներ, ինչ որ նոր մրցանիշ մըն է երկրին պատմութեան մէջ։

Այս յաղթանակով, Քամալա Հերիս պիտի դառնայ Միացեալ Նահագներու առաջին կին, առաջին սեւամորթ կին եւ առաջին հնդիկ-ամերիկացի փոխնախագահը, որ նաեւ առաջին սերունդի ներգաղթողներու զաւակ է։

Մինչ ներկայ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը մերժէ ընդունիլ իր պարտութիւնը, Պայտընի համակիրները սկսան տօնել իրենց թեկնածուին յաղթանակը, իսկ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ հանդիսացաւ առաջին ղեկավարը, որ շնորհաւորեց Պայտընի ընտրութիւնը։

comments

Advertisement