Թուրքիա Կը Ծրագրէ Յաւելեալ Ահաբեկիչներ Ատրպէյճան Ուղարկել

By Asbarez | Wednesday, 25 November 2020

1124jihad

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Արցախի դէմ կռուելու համար Ատրպէյճան ուղարկուած վարձկան ահաբեկիչներէն շատեր տակաւին չեն վերադարձած Սուրիա, մինչ շշուկներ կան, որ Թուրքիա կը ծրագրէ յաւելեալ ահաբեկիչներ հոն տեղափոխել, կը գրէ ամերիկացի անկախ լրագրող Լինզի Սնել:

«Ահաբեկիչներուն ներկայութիւնը ձեռնտու է Թուրքիոյ: Անոնք միշ հսկողութեան տակ են, իսկ անոնց մեծ մասը նաեւ իր հեռաձայնններէն հեռու է», կը հաղորդէ ամերիկացի լրագրողը:

Լոնտոն հաստատուած Մարդկային իրաւունքներու դիտորդական սուրիական կեդրոնին տուեալներուն համաձայն՝ Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճան ուղարկուած ահաբեկիչներուն թիւը կը հասնի 4000ի:

comments

Advertisement