Ուաշինկթըն Պատրաստ Է Շարունակելու Իր Ջանքերը ԵԱՀԿի Մինսկի Խմբակին Մէջ․ Թրէյսի

By Asbarez | Wednesday, 02 December 2020

1201Tracy

ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի Արցախի տագնապի ազդեցութեան եւ զինադադարի համաձայնութեան վերաբերեալ քննարկում կատարած է քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու, Արցախէն տեղահանուած անձերու եւ մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերող հայաստանեան շրջանակներուն հետ:

«Դեսպանը կարեւոր նկատեց մասնակցողներուն բաց ու ճիշդ գնահատականները իրավիճակին վերաբերեալ եւ ընդգծեց, որ տագնապին տեւական եւ կայուն քաղաքական լուծում գտնելու հարցին մէջ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է շարունակելու իր ջանքերը ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին մէջ», նշեց դեսպանատունը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

comments

Advertisement