Փութին Եւ Մաքրոն Քննեցին Արցախի Իրավիճակը

By Asbarez | Sunday, 27 December 2020

1224putin-macron

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ ունեցաւ հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին քննուեցաւ նաեւ Արցախի իրավիճակը, հաղորդեց Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը։

Փութին ընդգծեց, որ շրջանին մէջ իրավիճակը կը կայունանայ եւ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ նշուած պայմանները, ընդհանուր առմամբ, յաջորդաբար կը կատարուին։

«Հաստատուեցաւ Արցախի հակամարտութեան լուծման տարբեր երեսներուն շուրջ համակարգումը շարունակելու երկկողմ պատրաստակամութիւն, յատկապէս, ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի ծիրին մէջ», կը տեղեկացնէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:

comments

Advertisement