Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկեցին Արցախի Տագնապի Լուծման Վերաբերող Հարցեր

By Asbarez | Wednesday, 13 January 2021

0113putin-macron

ՄՈՍԿՈՒԱ.- ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներու գործողութիւններու համակարգման ծիրին մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 10 Յունուարին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի իր գործընկերոջ՝ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, քննարկելով Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպման վերաբերող կարգ մը հարցեր, հաղորդեց Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահը աջակցութիւն յայտնեց Արցախի տագնապի լուծման ուղղուած Ռուսիոյ ջանքերուն: Ընդգծուեցաւ նաեւ զինուորական գործողութիւններէն տուժած բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար իրաւասու միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ:

comments

Advertisement