Թեհրան Կը Հակադարձէ Իլհամ Ալիեւին

By Asbarez | Wednesday, 29 September 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ատրպէյճանի նախագահին վերջին յայտարարութիւնները կը տխրեցնեն մեզ», Թեհրանին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցին ընթացքին յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Սայէտ Խաթիպզատէ` մեկնաբանելով Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները:

«Անատոլու» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ալիեւ քննադատած էր Իրանի կողմէ Ատրպէյճանի սահմաններուն երկայնքով լայնածաւալ զօրավարժութիւններու իրականացումը:

«Այն ձեւը, որմով Ատրպէյճանի նախագահը արտայայտեց իր տեսակէտը, անակնկալ էր, որովհետեւ երկու երկիրներուն միջեւ կան բարի դրացիական եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ, կան նաեւ բարձրագոյն մակարդակի վրայ կապ պահպանելու կարելիութիւններ», յայտնեց իրանցի պաշտօնատարը:

comments

Advertisement