Թուրքիա Կը Բողոքէ Գորշ Գայլերը Ահաբեկչական Որակելու Ջանքին Դէմ

By Asbarez | Wednesday, 06 October 2021

Թուրքիա մտահոգ է այն իրողութեամբ, որ թուրք ազգայնամոլներու «Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ կրնայ ընդգրկուիլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ:

«ՌԻԱ Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանշու Պիլկիչ այս մասին յայտարարեց հետեւեալը․ «Մենք կը ցաւինք, որ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ հաւանութեան արժանացած` Ազգային պաշտպանութեան լիազօրութեան օրէնքի փոփոխութիւններու բնագիրին մէջ կայ կէտ մը, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն կը պահանջէ հաշուետուութիւն պատրաստել, թէ արդեօք «Գորշ գալեր»ը ահաբեկչական կազմակերպութի՞ւն է, թէ ոչ: Թէեւ օրէնքի վերջնական բնագիրը տակաւին հաստատուած չէ, բայց եւ այնպէս խիստ տագնապալի է, որ անհիմն մեղադրանքներ բովանդակող եւ Միացեալ Նահանգներու հետ մեր վաղեմի դաշինքին չհամապատասխանող այդ յաւելումը ընդունուած է։ Անգարա կ՛ակնկալէ, որ այդ կէտը չներառուի օրէնքի վերջնական բնագիրին մէջ, եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական համայնքի կարծիքի արտայայտման ազատութիւնը սահմանափակելու որեւէ փորձ կը կանխարգիլուի»։

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը հաւանութիւն տուած է Ազգային պաշտպանութեան լիազօրութեան օրէնքին մէջ շարք մը փոփոխութիւններու: Այդ փոփոխութիւններէն մէկը, որ առաջադրուած էր քոնկրեսական Տինա Թայթըսի կողմէ եւ կը վայելէր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ փոքրամասնութիւններու ու կրօնական շարք մը կազմակերպութիւններու զօրակցութիւնը, կը պահանջէ արտաքին գործոց նախարարէն, որ 180 օրերու ընթացքին մանրամասն տուեալներ ներկայացնէ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան մասին: Նախարարութիւնը պէտք է նաեւ վերլուծում ներկայացնէ, թէ արդեօք այդ ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութիւնը ահաբեկչական կը նկատուի՞: Հակառակ պարագային արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է մանրամասն կերպով հիմնաւորէ իր կարծիքը:

comments

Advertisement