Պաքու Կը Հակադարձէ Իրան-Ատրպէյճան Սահմանին Վերաբերեալ Թեհրանի Յայտարարութիւններուն

By Asbarez | Wednesday, 06 October 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Սփութնիք Արմենիա»․- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անհիմն որակեց իրանեան կողմի յայտարարութիւնները, թէ Իրան-Ատրպէյճան սահմանին մօտ երրորդ ուժեր տեղակայուած են:

Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ այս մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլայեւա` մեկնաբանելով Իրանի արտաքին գործոց նախարարին խօսքերը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտարարած էր, որ Իրան պիտի չհանդուրժէ սիոնական վարչակարգին` Իսրայէլի, ներկայութիւնը եւ իր երկրի սահմաններուն մօտ սադրիչ գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ եւ անոր սահմաններուն աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները: Ան ընդգծեց, որ Իրան իր սահմանին վրայ Իսրայէլի ներկայութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնը Պաքուին յայտնած է դիւանագիտական ուղիներով:

«Նախ եւ առաջ մենք կ՛ուզենք ընդգծել, որ, ինչպէս նշեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան տեղական պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, երկու երկիրներու ժողովուրդներու յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձրագոյն մակարդակի վրայ: Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ կապերը կը կառուցուին ամուր պատմական յարաբերութիւններու, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան հիման վրայ: Մենք չենք ընդունիր Իրան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երրորդ ուժի մը գոյութեան եւ այդ ուժի սադրիչ փորձերուն մասին պնդումները, որովհետեւ այդ միտքերը որեւէ հիմնաւորում չունին: Ընդհանուր առմամբ, Ատրպէյճանի տարածքին մէջ գոյութիւնը որեւէ ուժի, ներառեալ ահաբեկչական տարրերու, որոնք կրնան սպառնալիք հանդիսանալ մեր պետութեան կամ դրացի երկիրներուն համար, չի կրնար քննարկման առարկայ ըլլալ: Յայտնի է, որ ինքնին Ատրպէյճանը տասնեակ տարիներ տառապած է իր տարածքներու զինուորական բռնագրաւումէն եւ միջազգային սահմաններու խախտումէն. մասնաւորաբար, Իրանի հետ մեր աւելի քան 130 քիլոմեթր սահմանը երկար տարիներ հայկական բռնագրաւումի տակ էր: Դժբախտաբար, տարիներու ընթացքին մենք չենք լսած իրանեան բարեկամ պետութեան մեր սահմանի մէկ մասի բռնագրաւումին վերաբերեալ նոյն կտրուկ արձագանգը», եզրակացուց նախարարութեան բանբերը:

comments

Advertisement