Անթալիոյ Մէջ Հայաստանի, Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպո՞ւմ

By Asbarez | Monday, 14 March 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժինի ղեկավար, Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարեց, թէ Անթալիոյ մէջ ընթացող դիւանագիտական ֆորումի ծիրին մէջ, հաւանական է, որ հանդիպում մը տեղի ունենայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ:

«Կայ նման գաղափար, մենք կ՛ողջունենք զայն: Ատրպէյճան միշտ պատրաստ է նման հանդիպման` որեւէ ձեւաչափով եւ ծիրի մէջ, եթէ անոր պատրաստ է նաեւ Հայաստան», ատրպէյճանական ԱՓԱ գործակալութեան յայտնեց Հաճիեւ:

Պաշտօնական Երեւան այս առնչութեամբ արձագանգ չունեցաւ:

«Ազատութիւն» կայանէն աղբիւրներ հաստատեցին, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում պիտի ունենայ թուրք գործընկեր Մեւլութ Չաւուշողլույի հետ։ Քաղաքագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեան, որ նոյնպէս այս օրերուն Թուրքիա կը գտնուի՝ մասնակցելու նոյն ֆորումին, յայտնեց, թէ Միրզոյեանի Թուրքիա մեկնիլը եւ Չաւուշողլուի հետ հանդիպիլը կարեւոր են հայ-թրքական յարաբերութիւններու լուծման պարունակին մէջ։ «Հայաստանը ներկայացել է արտգործնախարարի մակարդակով, ոչ թէ յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի: Դա աւելի բարձր կարգավիճակ է», նշեց Կիրակոսեան։

comments

Advertisement