Չաւուշօղլու Յորդորեց Հայաստանին Աւելի Համարձակ Ըլլալ

By Asbarez | Friday, 22 April 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական NTV լրատուամիջոցին հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող այլ հարցերու: Այս մասին կը յայտնէ «Էրմենիհապեր»ը:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ արդեօք յառաջիկային պէ՞տք է սպասել հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յստակ քայլերու՝ Չաւուշօղլու ըսաւ. «Յստակ քայլեր պիտի ըլլան, վստահութիւնը բարձրացնող քայլեր ալ կ՛իրականացուին»:

Չաւուշօղլուն կարեւոր նկատեց  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Պրիւքսէլի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ «կայունութեան հաստատման»՝ ան շեշտեց, որ երկիրները պէտք է կարգաւորեն իրենց յարաբերութիւնները իրարու հետ: Ան միաժամանակ շեշտեց, որ այս բոլորը իրականացնելը դիւրին չէ եւ «մէկ օրէն չեն իրականացուիր»:

Խօսելով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներուն միջեւ նոր հանդիպման մասին՝ Չաւուշօղլու տեղեկացուց, որ երրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ դարձեալ Վիեննայի մէջ:

Ան նաեւ նշեց, որ կը գիտակցի, թէ Հայաստան ճնշման տակ է, որովհետեւ այս դիւրին գործընթաց չէ: Նաեւ իրենք կը հասկնան, որ «Հայկական Սփիւռքին մեծ մասը, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի գաղութները չեն աջակցիր այս գործընթացին»:

«Բայց հիմա արդեօք երրորդ երկրի մէջ հանդիպելու կարիք կա՞յ», հարցուց ան:

Չաւուշօղլու ընդգծեց, որ իր խօսքերը պէտք չէ ընկալել իբրեւ մեղադրանք: Ըստ անոր՝ «հայկական կողմը պէտք է քիչ մը աւելի համարձակ ըլլայ, որովհետեւ, եթէ Թուրքիոյ մէջ հանդիպում չեն կրնար ունենալ, միւս հարցերուն մէջ ինչպէ՞ս քայլեր պիտի առնեն»:

Ան նաեւ յայտնեց, որ իրենք սկիզբը նոյնիսկ առաջարկած էին Երեւանի մէջ հանդիպիլ, բայց հայկական կողմը չէր համաձայնած՝ պնդելով երրորդ երկրի մէջ հանդիպում ունենալու ընտրանքին վրայ:

comments

Advertisement