* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details 26 February , 2012: Film Screening: Charents - In search of my Armenian poet - Click here for details 03 March , 2012: Hayastan All-Armenian Fund: Fundraising Dinner - Click here for details 18 March , 2012: Narek Duryan in C'est la Vie - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details

Ռազմական Գաղտնի Գործակցութիւն՝ Ատրպէյճանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ

Tuesday, 09 February 2010     |    |   

Source: IzRus
Tags: israel, turkey

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<IzRus>>.- Իսրայէլի հետ ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական համագործակցութիւնը սերտացուցած Ատրպէյճան, վերջերս այս նպատակով քայլ մը եւս առած է:

Արդարեւ, անցեալ շաբաթ, Ատրպէյճանի զինուորական կառոյցներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը գաղտնօրէն Իսրայէլ այցելած է:

Իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնած են, որ ատրպեճանական պատուիրակութիւնը այցելած է Իսրայէլի ռազմա-արդիւնաբերական շարք մը ձեռնարկութիւններ եւ բանակցութիւններ ունեցած է այդ երկրի ռազմական ապահովական կառոյցներուն մէջ: Այցելութեան այլ մանրամասնութիւններ եւ ներկայացուցչական պատուիրակութեան կազմին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չեն բացայայտուած:

Նշենք, որ Ատրպէյճան Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն չունի: Նկատի առնելով Իրանի եւ իսլամական այլ երկիրներու անհանգստութիւնը՝ Պաքու ցարդ բարձրաստիճան զինուորական պատուիրակութիւն մը չէ ղրկած Իսրայէլ: Այդ առումով, ուժային կառոյցներու բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը Իսրայէլ այցելութիւնը ցոյց կու տայ, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները նոր մակարդակի հասած են:

Ըստ <<Ենի Մուսաւաթ>>ի, բոլոր բնագաւառներու եւ յատկապէս ռազմական ու ապահովական մարզերուն մէջ, Ատրպէյճան Իսրայէլի հետ սերտ համագործակցութիւն կը փորձէ ստեղծել: Անցեալ տարի Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեզի Պաքու այցելութեան ընթացքին, երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցան ռազմա-ճարտարագիտական համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը կարեւոր համաձայնագիրներ, որոնցմէ մէկուն համաձայն, Ատրպէյճանի մէջ, Իսրայէլի աջակցութեամբ, պիտի բացուի անօդաչու հետախուզական ինքնաթիռներու եւ արդիական այլ ռազմական գործիքներ արտադրելու գործարան մը:

Իսրայէլեան աղբիւրներ կը յայտնեն, որ այդ համաձայնագիրները գոյացնելու համար երկու երկիրներուն միջեւ, վերջին 4 տարիներուն ընթացքին, գաղտնի բանակցութիւններ տեղի ունեցած են: Կան տեղեկութիւններ, թէ՝ Ատրպէյճան կը փափաքի Իսրայէլէն գնել հետախուզական անօդաչու ինքնաթիռներ եւ արդիական շարք մը զէնքեր:

<<Հաւանական է, որ յիշեալ այցելութիւնը տեղի ունեցած է այս համագործակցութեան շրջանակին մէջ: Սակայն, կասկած չկայ, որ Իսրայէլի հետ Ատրպէյճանի համագործակցութիւնը պիտի անհանգստացնէ դրացի երկիրները: Մօտերս կ՛ակնկալուի նաեւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի Պաքու այցելութիւնը, որմէ ետք փոխադարձ պաշտօնական այց պիտի կատարուի նաեւ Ատրպէյճանէն>>, կը գրէ <<Ենի Մուսաւաթ>> թերթը:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement