Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ պլակըրներու միջազգային համաժողովը

By Asbarez | Tuesday, 21 March 2017


0321bloggers

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>>-<<Արցախակերտում>> հասարակական կազմակերպութեան եւ Արցախի լրագրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ՝ Երկուշաբթի, 20 Մարտին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ պլակըրներու միջազգային համաժողովը, որուն մասնակցեցան շուրջ 30 պլակըրներ՝ աշխարհի 11 երկիրներէ:

Նշենք, որ շարք մը յայտնի պլոկըրներ եւ լրագրողներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ մեկնեցան Արցախի Հանրապետութիւն՝ իբրեւ բողոքի նշան Ատրպէյճանի քաղաքականութեան դէմ: Անոնք կը բողոքեն Մինսկի կողմէ Պաքուին յանձնուած Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան դէմ:

Ըստ <<Արցախփրէս>>ի՝ Ֆորումի  գլխաւոր թեմաներն են՝ հակամարտութիւններու ներկայացումը ընկերային միտիայի եւ պլակըրներու ու լրագրողներու ազատութիւններու ապահովումը:

Համաժողովը կը վարէր <<Արցախակերտում>> կազմակերպութեան համանախագահ Արտակ Բեգլարեան եւ միտիա փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան:

<<Աշխարհ>> ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի (Ստեփանակերտ) տնօրէն, ռազմական եւ ազգային անվտանգութեան խնդիրներու փորձագէտ Հրաչեայ Արզումանեան ֆորումին ներկայացուց արցախեան հակամարտութեան յառաջացման պատճառները:

<<Փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ աշխարհաքաղաքական ուժերը, եթէ չեն ուզեր զբաղիլ խնդիրով մը, ապա ուրեմն պլակըրները՝ որպէս նոր ձեւաւորուող հանրային տեղեկատուութեան իրականութիւն, կրնան ազդել իրավիճակին վրայ>>, նշած է Հ. Արզումանեան:

0321bloggers1

Համաժողովին, Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերկէյ Շահվերդեան ներկայացուցած է Արցախի զբօսաշրջութեան վիճակը:

<<Արցախի Հանրապետութեան զբօսաշրջութիւն ըսելով, կը հասկնանք տարեկան շուրջ 15 հազար զբօսաշրջիկ, 43 հիւրանոցային տնտեսութիւն, 7 զբօսաշրջութեան ընկերութիւններ, զբօսավարներ: Արցախի Հանրապետութիւն կ՛այցելեն զբօսաշրջիկներ Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իրանէն եւ եւրոպական երկիրներէ>>, ըսած է Ս. Շահվերդեան:

Ֆուրումին մասնակիցները հանդէս եկած են հարցումներով, որոնք  հիմնականօրէն կը վերաբերէին հակամարտութեան եւ Արցախի ճանաչման։ Անոնք խօսած են իրենց տպաւորութիւններուն մասին:

Ֆորումի աւարտին մասնակիցները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ:

 


 


comments

Advertisement