By Asbarez | Tuesday, 18 April 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութեանց հանրաքուէի արդիւնքներու հրապարակումէն ետք, Եւրոխորհրդարանին մէջ Թուրքիոյ մասին զեկուցող Քեթի Փիրի գրաւոր յայտարարութիւն մը ըրաւ՝ նշելով, որ անարդար պայմաններու մէջ եւ քուէներու շատ փոքր համեմատութեամբ <<այո>> արդիւնքը քաղուեցաւ հանրաքուէին ատեն. ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ ժողովուրդը այս ընտրութեամբ զօրակցեցաւ բռնապետական համակարգին։
<<Այսօր տխուր օր մըն է Թուրքիոյ բոլոր ժողովրդավարներուն համար։ Այլեւս ո՛չ մէկուն համար գաղտնիք է, որ այս նոր սահմանադրութեամբ՝ անկարելի է՛ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան։ Եթէ սահմանադրական փոփոխութիւնները առանց բարեփոխումներու գործադրութեան դրուին, ապա բանակցութիւնները անպայմա՛ն պիտի առկախուին։ Այս հանրաքուէին արդիւնքով, Թուրքիա անջատուեցաւ եւրոպական արժէքներէն։ Մենք պիտի շարունակենք մնալ բոլոր անոնց կողքին, որոնք կը պայքարին Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ու մարդկային տարրական ազատութիւններու համար։ Եւրոմիութիւնը երբե՛ք իր դռները պիտի չփակէ միլիոնաւոր այդ մարդոց առջեւ>>, գրեց Փիրի։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿի դիտորդները քննադատած են յատկապէս այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը որոշած էր օրինական համարել այն քուէաթղթիկները, որոնք չէին կնքուած:
Նաեւ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ նշած է, որ հանրաքուէին արդիւնքը ցոյց տուաւ, թէ թուրք հասարակութիւնը սահմանադրական փոփոխութիւններուն գծով լրջօրէն պառակտուած է: Ան նաեւ ըսած է, որ Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեամբ՝ մահապատիժը կրնայ վերահաստատուիլ, ինչ որ կը հակասէ եւրոպական կառոյցներու հետ Թուրքիոյ ստորագրած համաձայնագիրներուն եւ առհասարակ եւրոպական արժէքներուն:
comments
Պաքուի Համար Քարոզչութիւն Կատարած Հիմնարկը Նաեւ Շուէտի Կառավարութեան Խորհրդատուութիւն Կատարած Է
Արցախի Հայերը Պէտք Է Ատրպէյճանի Քաղաքացիութիւն Ընդունին․ Մամետեարով
Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Չվաւերացուց Թուրքիոյ Դեսպանին Նշանակումը
Չաւուշօղլու Յորդորեց Հայաստանին Աւելի Համարձակ Ըլլալ
Ուաշինկթըն Կաջակցի Թուրքիոյ Էֆ․16ներու Վաճառքին
Ձեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը Մեր Զինուորները Կը Սպաննեն. Ռուսիոյ Դեսպանը Թուրքիոյ
ԵԱՀԿի Նախագահը Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Ուղղեց Բարեխղճօրէն Մասնակցելու Բանակցութիւններուն
Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկեցին Եռակողմ Յայտարարութիւններու Գործադրութիւնը
Անթալիոյ Մէջ Հայաստանի, Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպո՞ւմ
Մոսկուա-Պաքու Հռչակագիրը Չի Հակասեր Ռուսիա-Հայաստան Կապերուն