By Aztag Daily | Thursday, 20 April 2017
Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թայանի յայտնած է, որ եթէ Թուրքիան <<կ՛ուզէ մնալ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու երկիր, ապա պարտաւոր է հետեւիլ քոփենհակընեան չափանիշներուն եւ պահպանել իշխանութեան ճիւղերու զսպումի եւ հաւասարակշռութեան քաղաքականութիւնը>>:
<<Մենք պէտք է պաշտպանենք եւրոպական սկզբունքներն ու արժէքները, ինչ որ նաեւ կը պահանջենք թեկնածու երկիրներէն: Հակառակ պարագային Եւրոպական Միութեան համար ատիկա համազօր պիտի ըլլայ սեփական դարպասներուն կոլ նշանակելուն: Մենք պէտք է հաշուի առնենք նաեւ այն, որ Թուրքիոյ բնակչութեան կէսը հանրաքուէի ընթացքին չէ պաշտպանած սահմանադրական բարեփոխումները>>, ըսած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը:
Ինչ կը վերաբերի մահապատիժը վերականգնելու Թուրքիոյ ծրագիրներուն, Թայանի նշած է, որ մահապատիժը Թուրքիան ետ կը տանի 2004 թուական, երբ մահապատիժը ջնջուեցաւ, եւ կարմիր գիծ պիտի ըլլար Եւրոպայի համար` միակ ցամաքամասին, ուր մահապատիժ գոյութիւն չունի>>:
<<Եթէ Թուրքիան վերականգնէ մահապատիժը, ապա վերջնականապէս կը հրաժարի Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ ընդգրկուելու կարելիութենէն>>, շեշտած է Թայանի` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութեան հետ կապերու խզումը նախ եւ առաջ նպաստաւոր պիտի չըլլայ ինքնին Թուրքիոյ համար:
comments
Պաքուի Համար Քարոզչութիւն Կատարած Հիմնարկը Նաեւ Շուէտի Կառավարութեան Խորհրդատուութիւն Կատարած Է
Արցախի Հայերը Պէտք Է Ատրպէյճանի Քաղաքացիութիւն Ընդունին․ Մամետեարով
Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Չվաւերացուց Թուրքիոյ Դեսպանին Նշանակումը
Չաւուշօղլու Յորդորեց Հայաստանին Աւելի Համարձակ Ըլլալ
Ուաշինկթըն Կաջակցի Թուրքիոյ Էֆ․16ներու Վաճառքին
Ձեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը Մեր Զինուորները Կը Սպաննեն. Ռուսիոյ Դեսպանը Թուրքիոյ
ԵԱՀԿի Նախագահը Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Ուղղեց Բարեխղճօրէն Մասնակցելու Բանակցութիւններուն
Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկեցին Եռակողմ Յայտարարութիւններու Գործադրութիւնը
Անթալիոյ Մէջ Հայաստանի, Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպո՞ւմ
Մոսկուա-Պաքու Հռչակագիրը Չի Հակասեր Ռուսիա-Հայաստան Կապերուն