Մերքել կը սպառնայ Ինճիրլիքի խարիսխի Գերմանական ուժը հեռացնել Թուրքիայէն

By Asbarez | Tuesday, 16 May 2017

0517merkel

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմինհապեր>> - Գերմանիա այլընտրանք մը կը փնտռէ Թուրքիոյ Ինճիրլիքի ռազմական խարիսխին մէջ հաստատուած գերմանական զինուորական անձնակազմը տեղափոխելու համար. այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել՝ ըստ թրքական <<Հապերլեր>> լրատուամիջոցին:

Միջանկեալ նշենք, որ թրքական մամուլին մէջ լուրեր կը շրջին, թէ Թուրքիա անգամ մը եւս արգիլած է գերմանացի պատգամաւորներուն՝ Ատանայի մէջ գտնուող Ինճիրլիք խարիսխի գերմանացի զինուորներուն այցելել: Գերմանիոյ կառավարութեան խօսնակ Շթեֆան Շէյպերթ նշեալ քայլը <<անընդունելի>> որակած է, իսկ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Սիկմար Կապրիէլ տեղեկացուցած է, թէ հարցը պիտի քննարկէ ՆԱԹՕի անդամ երկիրներուն հետ:

Գերմանական աղբիւրներու համաձայն՝ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ ռազմական գործողութեանց աջակցող այդ գերմանացի զինուորները կրնան Յորդանան, Քուէյթ կամ Կիպրոս հաստատուիլ։

 



comments

Advertisement